2014-06-23 08:47:11

''Տարեցներու Տարուան'' առիթով. Տարեցներու յատուկ ձեռնարկ` Ժունիէի Ս. Յարութիւն Եկեղեցւոյ մէջ։


Կազմակերպութեամբ Ժունիէի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ թաղականութեան, շաբաթ, 21 յունիս 2014-ի յետմիջօրէի ժամը 3:00-ին, հոգեւոր, ընկերային յատուկ ձեռնարկ մը տեղի ունեցաւ Ժունիէի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ եւ ապա համանուն, յարակից սրահին մէջ, ներկայութեամբ ազգային երեսփոխան Սալբի Սիմիթեանի, շրջանի քահանաներուն, տիկնանց եւ թաղական խորհուրդի կազմերուն, ԼՕԽ-ի անդամներու եւ տարեց թէ երիտասարդ հաւատացեալներու բազմութեան:

Այս առիթով խօսք առաւ Սիմէոն քհնյ. Կարապետեան, որ յայտնեց, թէ Ժունիէի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքը «եթէ ոչ միակը, գէթ առաջինը կը հանդիսանայ, որ կու գայ ընդառաջելու Արամ Ա. վեհափառի պատգամին, որ 2014-ը հռչակեց տարեցներու տարի»: «Այսօր այս սիրոյ սեղանին նպատակն է ձեզ մեծարել եւ ըսել` վարձքերնիդ կատար սիրելի մայրեր եւ հայրեր, դուք, որ ցեղասպանութեան ահռելի ջարդէն ետք, կեանքի դառն ու դժուար պայմաններուն մէջ կրցաք պահել ձեր օճախն ու հաւատքը եւ սերունդ պատրաստեցիք: Վարձքերնիդ կատար, որ յաջողեցաք ճշմարիտ հաւատք փոխանցել յաջորդող սերունդին, որուն մաս կը կազմենք մենք, ներկաներս, երիտասարդներս», ընդգծեց Սիմէոն քհնյ. Կարապետեան:

Ճաշի հիւրասիրութենէն ետք ձայնի հաղորդավարն ու ծանօթ երգիչներ Յովսէփ Եսայեան եւ Սարգիս Հարմանտայեան օրուան յատուկ ժողովրդային երգերով խանդավառեցին մթնոլորտը:
Ձեռնարկը վերջ գտաւ «Կիլիկիա» մաղթերգով ու մեկնումի պահուն ներկաներէն իւրաքանչիւրին բաժնուեցաւ Ժունիէի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ թաղական խորհուրդին կողմէ տրամադրուած ու մակագրուած «Միշտ աղօթենք» խորագիրով աղօթագիրք մը:








All the contents on this site are copyrighted ©.